2011-11-14 12:31:16

<<Ոչ հաւատացեալներու գաւիթի>> Հաւաքը Կը Հասնի Թիրանայ։


Թիրանայի մէջ 14 - 16 նոյեմբեր Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի հովանաւորութեամբ՝ տեղի կ՛ունենայ <<ոչ հաւատացեալներու գաւիթի>> հաւաքը` միասին խորհրդածելու <<ինչ բանի կը հաւատայ անհաւատը>> նիւթին մասին։
<<Ոչ հաւատացեալներու գաւիթի>> Թիրանայի այս հանգրուանի առաջին մասը նուիրուած է երիտասարդներուն ուր պիտի շօշափուին աշխատանքի, հոգեւորութեան, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան մարզերու զանազան հարցեր։
Հաւաքին կը մասնակցին քաղաքացիական իշխանութիւններու՝ ինչպէս նաեւ Օրթոտոքս, մահմետական, Պեկթաշի եւ Կաթողիկէ կրօններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին նշենք Թիրանայի Արքեպիսկոպոսը եւ Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին







All the contents on this site are copyrighted ©.